2012-09-27 11:21:43

Ե Ո Ւ Ք Ա Թ
Կամ, Քրիստոնէականը` բացատրուած երիտասարդներուն


Զրոյց երեսուն վեցերորդ–Գլուխ Գ.­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅՆ(2)
Հարցում թիւ 127. Ի՞նչ իմաստ ունի ըսել թէ Եկեղեցին Քրիստոսի հարսն է։
Յիսուս­Քրիստոս կը սիրէ Եկեղեցին ինչպէս որ փեսան կը սիրէ իր հարսը։ Անոր հետ կը կապուի ընդմիշտ եւ իր կեանքը կու տայ անոր համար։
Այն անձը որ սիրոյ փորձառութիւնն ունեցած է գիտէ թէ ինչ է սէրը։ Յիսուս եւս գիտէ այդ եւ կը ներկայացնէ ինքզինք որպէս փեսայ մը որ կ՛այրի իր հարսին սիրովը եւ կ՛ուզէ անոր հետ տօնախմբել իրենց սէրը։ Իր հարսը մենք ենք, այսինքն Եկեղեցին. Արդէն Հին Կտակարանին մէջ` Աստուծոյ սէրը իր ժողովուրդին հանդէպ նմանցուած էր մարդու եւ կնոջ միջեւ գոյութիւն ունեցող սիրոյն։ Յիսուս կ՛ուզէ մեր իւրաքանչիւրին սէրը, սակայն գործնականին մէջ կ՛ապրի դժբախտ սէր մը ­ եթէ այդպէս կրնանք արտայայտել զայն ­ անոնց պատճառաւ որոնք իր սիրոյն մասին ոչինչ կ՛ուզեն գիտնալ եւ չեն համապատասխաներ անոր։
Հարցում թիւ 128. Ի՞նչ կը նշանակէ թէ Եկեղեցին Սուրբ Հոգւոյ տաճարն է։
Աշխարհի կեդրոնին մէջ` Եկեղեցին Հոգւոյ ներկայութեան վայրն է։
Իսրայէլի ժողովուրդը կը պատուէր զԱստուած Երուսաղէմի Տաճարին մէջ. Այս Տաճարը այլեւս գոյութիւն չունի. Եկեղեցին է որ կը փոխարինէ զայն. Եկեղեցին կապուած չէ տեղի մը. Եթէ երկու կամ երեք հոգի միատեղ գտնուին իմ անունովս, ես անոնց միջեւ կ՛ըլլամ (Մատթէոս 18, 20)։ Այն որ կեանք կու տայ` Յիսուսի Հոգին է. Ան կ՛ապրի Աստուծոյ Խօսքին մէջ եւ ներկայ է Խորհուրդներու սրբազան նշանին մէջ. Ան կ՛ապրի հաւատացեալներու սրտին մէջ եւ կ՛արտայայտուի անոնց աղօթքներով. Զանոնք կ՛առաջնորդէ եւ կը լիացնէ իր սովորական եւ արտասովոր պարգեւներով։ Այսօր իսկ` այն որ վստահութիւն ունի Սուրբ Հոգւոյն վրայ` կարող է իսկական հրաշքներ գործել։








All the contents on this site are copyrighted ©.